Ժամանակները կը փոխւին, սերունդները կը փոխւին, սակայն խորհրդանիշերը կը մնան յաւիտենական: Վա՜յ այն ազգին, որ պատմութեան փոշիներուն տակ կը պահէ իր խորհրդանիշերը: Վա՜յ այն սերունդներուն, որոնք մոռացութեան կը դատապարտեն իրենց ազգային խորհրդանիշերը…:
Կապրինք անորոշ պայմաններու մէջ: Տագնապներով շրջապատւած ենք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Բեւեռացումները ներքնապէս կը մաշեցնեն մեր կենսունակութիւնը: Մութ ամպրերով ծածկւած է հայ կեանքի երկինքը:
Կարելի չէ լուռ ու անտարբեր մնալ մեր արմատներէն, արժէքներէն ու իդէալներէն մեզ հեռացնող ներկայ պայմաններուն դիմաց:
Կարելի չէ լուռ ու անտարբեր մնալ մեր կեանքը իմաստաւորած, մեր գոյապայքարը հզօրացուցած, մեր ինքնութիւնը իմաստաւորած խորհրդանիշերուն հանդէպ անտարբերութեան դիմաց:
Նայեցէք մեր պատմութեան:
Մեր ազգային կեանքի ճակատագրական պահերուն ու հայրենիքը դիմագրաւող վտանգներուն դիմաց, մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբւած են ի խնդիր հայրենիքի փրկութեան: «Վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց» սրբազան նշանաբանը սոսկ լոզունգ չէ եղած, այլ զօրաշարժի կոչ եւ պայքարի հրաւէր՝ Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ եւ Արցախ:
Համախմբւիլ՝ ազգի ու հայրենիքի արժէքներուն ու իդէալներուն շուրջ. համախմբւիլ՝ հայրենիքի անկախութեան ամրապնդման եւ ազգին հզօրացման շուրջ:
Մնալ հաւատարի՛մ Մայիս 28-ի աւանդին ու պատգամին:
ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
28 Մայիս, 2026
Անթիլիաս, Լիբանան
www.armenianorthodoxchurch.org

❤2
Մայիսեան փառապանծ յաղթանակը նշւեց «Արցախ» սրահում
Տօների տօն Մայիսի 28-ի 108-րդ ամեակի առիթով, նոյն օրը երեկոյեան Թեհրանում միութիւնների համագործակցութեամբ եւ բանախօսական ու գեղարւեստական յայտագրով յագեցած ծրագրով նշւեց տօնը։
Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան «Արցախ» սրահում, եւ համագործակցութեամբ Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան, Հ. Մ. «Սիփան», Հ. Մ. Մ. «Նայիրի», Հ. Մ. «Սարդարապատ», Հ. Ուս. «Չհարմահալ», Իրանի Հայ Արհեստաւորների, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր եւ Հայ Համալսարանականների Ընդհանուր միութիւնների մեկնարկեց օրւայ ծրագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի օրհներգերի կատարմամբ եւ սկաուտների շքերթով։

Կազմակերպիչ յանձնախմբի անունից բացման խօսքով եւ հաղորդավարութեամբ հանդէս եկաւ Մելան Սէֆեանը։ Խօսքի մի բաժնում նշւել էր՝ «Մայիսի 28-ը միայն անցեալի փառքը յիշելու օր չէ։ Այն նաեւ ներկան գնահատելու եւ ապագայի համար պատասխանատւութիւն ստանձնելու օր է։ Այսօր, երբ Հայաստանը կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրների առաջ, առաւել քան երբեւէ անհրաժեշտ է ազգային միասնութիւն, պետական մտածողութիւն եւ ժողովրդի ակտիւ մասնակցութիւն երկրի ճակատագրի որոշման համար»։
Օրւայ բանախօս էր հրաւիրւել ազգային-հասարակական գործիչ, Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Նոէլ Մինասեանը։ Իր խօսքի ընթացքում բանախօսը համապարփակ գծերով անդրադարձաւ Մայիսի 28-ի յաղթանակին յանգեցրած հանգամանքներին, կարեւորելով ժամանակի այրերի, ինչպէս Արամ Մանուկեանի, Կաթողիկոսի եւ անկախութեան ձգտող համայն ժողովրդի միասնականութեանը։

Իր ելոյթի այլ բաժնում բանախօսը ընդգծեց, որ մայիսեան ոգու առկայութեան շնորհիւ էր, որ հայ ժողովուրդը դարձեալ յաջողեց ազատագրել Արցախը եւ մայիս ամիսը Արծւաշէն Արցախի ազատագրմամբ կրկին վերածել յաղթանակի ամսւայ։ Նա ընդգծեց, որ Հայաստան աշխարհի այսօրւայ ճգնաժամային իրավիճակից դուրս գալու, միակ ելքը դարձեալ Մայիս 28-ի ոգով պայքարելը եւ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք ջլատւած եռամիասնութեան վերականգնումն է, որի միջոցով հայ ժողովուրդը ազգային ոգով տոգորւած իշխանութեամբ կրկին կարող է տէրը դառնալ իր կորցրած արժէքների եւ վերականգնել իր հզօրութիւնը։
Միջոցառմանը ներկայ էին Իրանի Իսլամական խորհրդարանում Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Արա Շահվերդեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սեւան Դանիէլեանը, «ԱԼԻՔ» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գառօ Յովհաննիսեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կենտրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ Յովսէփ Աւետեանը, Իրանի Հայ Աւետարանական եկեղեցու Համայնքապետ-հովիւ Վեր. դոկտ. Միշէլ Աղամալեանը, Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ դոկտ. Սեւակ Հաթամեանը եւ դիւանը ու անդամներ, Թ. Հ. Թ. Թեմական խորհրդի ատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեանը, դիւանը եւ անդամներ, քահանայ հայրեր, ազգային մարմինների ու միութիւնների ներկայացուցիչներ եւ մեծ թւով հայրենակիցներ։
Ծրագրի գեղարւեստական բաժնում ազգագրական պարերով հանդէս եկան Հ.Մ.Ա.Կ.-ի «Արարատ» պարախումբը, ուսուցչական կազմ՝ Լինեթ Սարգսեան եւ Ալմարա Շամիրեան, Հ. Մ. Մ. «Սիփան» միութեան պարախմբի սաները գեղարւեստական ղեկավար Կարինէ Մանուչերեան, պարուսոյցներ՝ Փրենի Խաչատրեան եւ Էրինէ Աւասափեան եւ Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան «Նայիրի» պարախումբ պարուսոյց Թինա Անտոն։ Ազգային երգերի կատարմամբ մեներգերով հանդէս եկան Բիւրակ Զարգարեանը եւ Նորիկ Ղարաբէգեանը, ասմունքով՝ Մելանի Աղանեանսը։
Ծրագիրը ամփոփւեց ազգային-յեղափոխական երգերի կատարմամբ, որը ներկայացրեց Հ. Մ. Ա. Կ.-ի «Արարատ» եւ Հայ Համալսարանականների Ընդհանուր միութեան «Տաւիղ» համատեղ երգչախումբը, դիրիժոր Արփի Սիմրոջեանի (Նազարեան) ղեկավարութեամբ, դաշնամուրի կատարումը՝ Արեգ Մարգարեանի։
Լուրը՝ «Ալիք»-ից

❤1
ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան երեք աբեղաներ՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան, ներկայացուցին Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածութեան իրենց աւարտաճառերը եւ յընթացս 24 Մայիս 2026-ի կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ստացան վարդապետական չորս աստիճաններ՝ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։

Արարողութեան ընթացքին, սրբազան հայրը եկեղեցւոյ ատեանին մէջ հաւատքի քննութիւն կատարեց ընծայեալ հայր սուրբերուն, որոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին՝ միաբերան արտասանելով Հաւատոյ Դաւանանքը։
Աւարտին, սրբազան հայրը յղեց իր քարոզը, որուն մեկնակէտը Հոգեգալստեան տօնն էր: «Այսօր, Սուրբ Հոգիին գալստեան տօնին ուրախ առիթով, հաւաքուած ենք հաղորդակից դառնալու մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ մասնակից՝ կատարուած վարդապետական իշխանութեան յատուկ կարգի տուուչութեան արարողութեան», ըսաւ ան: Մանրամասնելով Սուրբ Հոգիին առաքելութիւնը՝ ձեռնադրիչ սրբազան հայրը նշեց, որ Հոգեգալուստը ժամանակին մէջ սոսկ պահ մը չէր, այլ Աստուծոյ Հոգիին բռնկումն էր հաւատացեալներու սիրտին մէջ՝ զօրացնելու զանոնք, որպէսզի տարածեն Իր պատգամը: Մինչեւ այդ պահը առաքեալները վախի ու անորոշութեան մէջ էին, սակայն Սուրբ Հոգւոյ գալուստով՝ անոնք զօրացան եւ սպառազինուեցան իրենց առաքելութեան համար:

❤4