Առաջնորդարան Թեհրանի Հայոց Թեմի
1.6K subscribers
7.35K photos
336 videos
7 files
4.6K links
Armenian Prelacy of Tehran | شورای خلیفه گری ارامنه تهران
Download Telegram
Կազմակերպիչ յանձնախմբի անունից բացման խօսքով եւ հաղորդավարութեամբ հանդէս եկաւ Մելան Սէֆեանը։ Խօսքի մի բաժնում նշւել էր՝ «Մայիսի 28-ը միայն անցեալի փառքը յիշելու օր չէ։ Այն նաեւ ներկան գնահատելու եւ ապագայի համար պատասխանատւութիւն ստանձնելու օր է։ Այսօր, երբ Հայաստանը կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրների առաջ, առաւել քան երբեւէ անհրաժեշտ է ազգային միասնութիւն, պետական մտածողութիւն եւ ժողովրդի ակտիւ մասնակցութիւն երկրի ճակատագրի որոշման համար»։

Օրւայ բանախօս էր հրաւիրւել ազգային-հասարակական գործիչ, Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Նոէլ Մինասեանը։ Իր խօսքի ընթացքում բանախօսը համապարփակ գծերով անդրադարձաւ Մայիսի 28-ի յաղթանակին յանգեցրած հանգամանքներին, կարեւորելով ժամանակի այրերի, ինչպէս Արամ Մանուկեանի, Կաթողիկոսի եւ անկախութեան ձգտող համայն ժողովրդի միասնականութեանը։
❤2
Իր ելոյթի այլ բաժնում բանախօսը ընդգծեց, որ մայիսեան ոգու առկայութեան շնորհիւ էր, որ հայ ժողովուրդը դարձեալ յաջողեց ազատագրել Արցախը եւ մայիս ամիսը Արծւաշէն Արցախի ազատագրմամբ կրկին վերածել յաղթանակի ամսւայ։ Նա ընդգծեց, որ Հայաստան աշխարհի այսօրւայ ճգնաժամային իրավիճակից դուրս գալու, միակ ելքը դարձեալ Մայիս 28-ի ոգով պայքարելը եւ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք ջլատւած եռամիասնութեան վերականգնումն է, որի միջոցով հայ ժողովուրդը ազգային ոգով տոգորւած իշխանութեամբ կրկին կարող է տէրը դառնալ իր կորցրած արժէքների եւ վերականգնել իր հզօրութիւնը։

Միջոցառմանը ներկայ էին Իրանի Իսլամական խորհրդարանում Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Արա Շահվերդեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սեւան Դանիէլեանը, «ԱԼԻՔ» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գառօ Յովհաննիսեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կենտրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ Յովսէփ Աւետեանը, Իրանի Հայ Աւետարանական եկեղեցու Համայնքապետ-հովիւ Վեր. դոկտ. Միշէլ Աղամալեանը, Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ դոկտ. Սեւակ Հաթամեանը եւ դիւանը ու անդամներ, Թ. Հ. Թ. Թեմական խորհրդի ատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեանը, դիւանը եւ անդամներ, քահանայ հայրեր, ազգային մարմինների ու միութիւնների ներկայացուցիչներ եւ մեծ թւով հայրենակիցներ։

Ծրագրի գեղարւեստական բաժնում ազգագրական պարերով հանդէս եկան Հ.Մ.Ա.Կ.-ի «Արարատ» պարախումբը, ուսուցչական կազմ՝ Լինեթ Սարգսեան եւ Ալմարա Շամիրեան, Հ. Մ. Մ. «Սիփան» միութեան պարախմբի սաները գեղարւեստական ղեկավար Կարինէ Մանուչերեան, պարուսոյցներ՝ Փրենի Խաչատրեան եւ Էրինէ Աւասափեան եւ Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան «Նայիրի» պարախումբ պարուսոյց Թինա Անտոն։ Ազգային երգերի կատարմամբ մեներգերով հանդէս եկան Բիւրակ Զարգարեանը եւ Նորիկ Ղարաբէգեանը, ասմունքով՝ Մելանի Աղանեանսը։

Ծրագիրը ամփոփւեց ազգային-յեղափոխական երգերի կատարմամբ, որը ներկայացրեց Հ. Մ. Ա. Կ.-ի «Արարատ» եւ Հայ Համալսարանականների Ընդհանուր միութեան «Տաւիղ» համատեղ երգչախումբը, դիրիժոր Արփի Սիմրոջեանի (Նազարեան) ղեկավարութեամբ, դաշնամուրի կատարումը՝ Արեգ Մարգարեանի։

Լուրը՝ «Ալիք»-ից
❤1
ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան երեք աբեղաներ՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան, ներկայացուցին Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածութեան իրենց աւարտաճառերը եւ յընթացս 24 Մայիս 2026-ի կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ստացան վարդապետական չորս աստիճաններ՝ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։
❤2
Արարողութեան ընթացքին, սրբազան հայրը եկեղեցւոյ ատեանին մէջ հաւատքի քննութիւն կատարեց ընծայեալ հայր սուրբերուն, որոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին՝ միաբերան արտասանելով Հաւատոյ Դաւանանքը։

Աւարտին, սրբազան հայրը յղեց իր քարոզը, որուն մեկնակէտը Հոգեգալստեան տօնն էր: «Այսօր, Սուրբ Հոգիին գալստեան տօնին ուրախ առիթով, հաւաքուած ենք հաղորդակից դառնալու մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ մասնակից՝ կատարուած վարդապետական իշխանութեան յատուկ կարգի տուուչութեան արարողութեան», ըսաւ ան: Մանրամասնելով Սուրբ Հոգիին առաքելութիւնը՝ ձեռնադրիչ սրբազան հայրը նշեց, որ Հոգեգալուստը ժամանակին մէջ սոսկ պահ մը չէր, այլ Աստուծոյ Հոգիին բռնկումն էր հաւատացեալներու սիրտին մէջ՝ զօրացնելու զանոնք, որպէսզի տարածեն Իր պատգամը: Մինչեւ այդ պահը առաքեալները վախի ու անորոշութեան մէջ էին, սակայն Սուրբ Հոգւոյ գալուստով՝ անոնք զօրացան եւ սպառազինուեցան իրենց առաքելութեան համար:
❤4
Մակար արքեպիսկոպոս նաեւ բացատրեց, որ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալները սկիզբը գացին եւ խոստովանեցան իրենց տկարութիւնն ու անարժանութիւնը՝ ի դիմաց աստուածատուր կոչումին, բայց Աստուած զանոնք առաքեց՝ զօրութիւն հագցնելով եւ ամրացնելով: Հոգեգալուստը միայն առաքեալներուն համար չէր, այլ նաեւ եկեղեցւոյ ծնունդն էր, որուն շնորհիւ եկեղեցին կը մեծնայ ու կ՚աճի, երբ հաւատացեալներ Սուրբ Հոգիով լեցուած են եւ ո՛չ թէ պարզապէս գաղափարներով ու ծրագիրներով:

Ապա, իր խօսքը ուղղելով վարդապետական իշխանութեան արժանացած երեք միաբան հայրերուն՝ քարոզիչ սրբազան հայրը ըսաւ. «Ինչպէս աստուածաշնչական դէմքերը՝ Մովսէսը, Եսային, Երեմիան, Յեսուն, առաքեալները եւ ուրիշներ Սուրբ Հոգիով լեցուած, զօրացած եւ իմաստնացած առաջնորդեցին ժողովուրդը դէպի Աստուած եւ խոստացեալ երկիր՝ վստահելով Աստուծոյ խօսքին, այնպէս ալ մենք, այսօր կրնանք մեր կեանքին մէջ Հոգեգալուստը ծառայութեան եւ ուսուցման միջոցով արտայայտել»: Ան յորդորեց նորընծայ վարդապետները հաւատքով ընդունելու Աստուծոյ կանչը, խոնարհութեամբ աղօթելու, վստահութեամբ ու յոյսով սպասելու Տիրոջ օգնութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ համայնքի հասկացողութեամբ ապրելու եւ ծառայելու: «Յիշեցէ՛ք, որ վարդապետական իշխանութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն է, ո՛չ թէ իշխանութեան կամ պատիւի համար, այլ Աստուծոյ կամքը, ծրագիրն ու առաքելութիւնը իրականացնելու համար» ըսելով՝ եզրափակեց իր քարոզը սրբազան հայրը։

Վերջապէս, սրբազան հայրը իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութեան, նորընծայ վարդապետներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ նորընծաներուն՝ Հայ Եկեղեցին երեք նոր վարդապետներով աճելուն ու հարստանալուն առիթով։

Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Նորին Սուրբ Օծութիւնը վեհարանին մէջ ընդունեց նորընծայ վարդապետները եւ իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց անոնց։

Նշենք, որ Շաբաթ, 23 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ աբեղաները, ներկայութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերուն եւ Դպրեվանքի ընծայարանական աշակերտներուն, ներկայացուցին իրենց վարդապետական աւարտաճառերը։ Արմէն վրդ. Գալաճեանի նիւթն էր «Եկեղեցական Սպասներ», Առաքել Վրդ. Գատէհճեանինը՝ «Ջուրը Աստուածաշունչ Մատեանին եւ Հայ Եկեղեցւոյ Ծէսին Մէջ» եւ Ազատ Վրդ. Ֆիլքեանինը՝ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագի Զգեստները»։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր թելադրութիւններն ու նշումները կատարելէ ետք, գնահատեց միաբան հայրերուն տարած աշխատանքը՝ ընդգծելով հոգեմտաւոր կազմաւորման եւ ինքնաշխատութեամբ յոյժ կարեւորութիւնը։ Աւարտին, Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու անոր Միաբանութիւնը։

www.armenianorthodoxchurch.org
❤2
ՏԵՂԵԿԱՆՔ

Սիրելի՛ Հայրենակիցներ,

Վերջին օրերին սոցցանցերում եւ տարբեր հարթակներում շրջանառւող՝ Մաշհադի Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցու քանդման մասին լուրերը չեն համապատասխանում իրականութեանը եւ կեղծ լուրեր են:

Տեղեկացնում ենք, որ Մաշհադի Ս. Մեսրոպ եկեղեցին կայուն է եւ հրապարակւած լուրի մէջ մատնանշւած եկեղեցին, թեմապատկան եկեղեցիների շարանում չի:

Յատկանշելի է, որ Մաշհադի Ս. Մեսրոպ եկեղեցին պահպանւում եւ գտնւում Թեմական խորհրդի անմիջական հսկողութեան ներքոյ, որի պահպանութեան եւ խնամքի աշխատանքներին Մաշհադում վերահասու է Թեմական խորհրդի կողմից լիազօրւած եւ վստահւած պատասխանատու անձը, որը հետեւողականօրէն իրականացնում է պարտականութիւնները:

Կոչ ենք անում մեր հայրենակիցներին Թեհրանի Հայոց Թեմի կառոյցներին պատկանող լուրերին հետեւել եւ վստահել միայն Ազգ. Առաջնորդարանի պաշտօնական հարթակներից եւ «Ալիք» օրաթերթից հրապարակւող հաղորդագրութիւններին եւ զերծ մնալ չստուգւած լուրերի տարածումից:

Թ. Հ. Թ. ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
❤2
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼ. ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԻՄԱՄ ԽՈՄԷՅՆԻԻ ՄԱՀՒԱՆ 37-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ

Ուրբաթ, 12 յունիս 2026 թւականին, Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցում, տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն Ի. Իսլ. յեղափոխութեան հիմնադիր առաջնորդ հանգուցեալ Իմամ Խոմէյնիի մահւան 37-րդ տարելիցի առիթով:

Ս. Պատարագից յետոյ կատարւեց հոգեհանգստեան արարողութիւն հայ նահատակների հոգիների խաղաղութեան համար:
❤2