Առաջնորդարան Թեհրանի Հայոց Թեմի
1.6K subscribers
7.35K photos
336 videos
7 files
4.6K links
Armenian Prelacy of Tehran | شورای خلیفه گری ارامنه تهران
Download Telegram
«ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՍԿ ԱՆՑԵԱԼ ՉԷ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ՈՒ ՄԻ՛ՇՏ՝ ԱՊԱԳԱՅ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ազգեր անցեալին կը նային, անցեալի իրագործումներով կը հպարտանան, անցեալի թերութիւններուն կը գիտակցին, սակայն միշտ ապագան աւելի ամուր հիմերու վրայ կերտելու գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ ու տեսլականով։ Հետեւաբար, անցեալը պէտք չէ դառնայ անցած, այլ՝ վերանորոգ հաւատքով ու նպատակասլաց կամքով ապագային բացուելու ու քալելու ամուր վճռակամութեան վերահաստատման առիթ ու յիշեցում։

Այս հայեցակէտով հարկ է մօտենալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան։ Ազգերու պատմութեան մէջ պայմանները միշտ փոփոխական են։ Աշխարհաքաղաքական շահերու դասաւորումը՝ միշտ յարափոփոխ։ Պէտք է հեռու մնալ կաղապարուած մտածողութենէ, տեսական յղացքներէ, ինչպէս նաեւ տուեալ ժամանակի շահերու ու մօտեցումներու պարտադրանքներէ։ Հաւատքին միախառնելով յոյսը եւ զայն թրծելով ամուր կամքով, հարկ է քալել դէպի ապագայ։
Այսօր, երբ յետադարձ ակնարկով կը նշենք Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, առաջին հերթին եկէք յիշենք մեր բոլոր նահատակները, որոնք իրենց արիւնը թափեցին ի խնդիր Արցախի անկախութեան վերականգնման։ Եկէք նաեւ յիշենք Արցախի անկախութեան առաւել ամրապնդման համար գործած ու ծառայած մեր ղեկավարները, որոնք այսօր կը տառապին Պաքուի բանտերուն մէջ։

Արդարեւ, չի բաւեր միայն յիշել, հարկ է զայն վերածել պայքարի՝ ի խնդիր Արցախի անկախութեան վերականգնման, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքներու վերահաստատման եւ Արցախի քաղաքական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատագրման։

Ըսած ենք, կը կրկնենք եւ մի՛շտ պիտի ըսենք, թէ Արցախի անկախութիւնը պատմութեան փոշիներուն տակ թաղուած չէ։ Ան մեր ազգի օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ պէտք է գրաւէ՝ որքան ալ փորձենք իրապաշտութեան պիտակին ետին անցեալի էջը նկատենք փակուած։

Վա՛յ այն ազգին, որ ինքզինք կը բանտարկէ ներկայ շահերու նեղ սահմաններուն մէջ՝ ծածկուած իրապաշտութեան քօղին ետին։ Պատմութեան թատերաբեմին վրայ կը մնան այն ազգերը, որոնք իրենց ներկան կը տեսնեն անցեալով ամրագրուած եւ ապագայի տեսլականով հզօրացած ու կը քալեն յառաջ՝ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով։

Այսպէ՛ս եղած է մեր ազգը։

Այ՛ս է պատգամը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան։ Մնանք ականջալուր ու հաւատարիմ մեր պատմութենէն, հին թէ նոր, մեզի փոխանցուած սրբազան պատգամներուն։

2 Սեպտեմբեր 2026

www.armenianorthodoxchurch.org
❤2
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու Թեհրանի թեմի մեր հաւատացեալ ժողովրդի սիրելի զաւակներին յայտնում ենք, որ կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2026 թւականին Խաչվերաց է, այսինքը՝ տօն վերացման սրբոյ խաչին:

Այս առիթով հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեանի Թեհրանի մեր բոլոր եկեղեցիներում մատուցւելու է հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Արարատ» մարզաւանի Ս. Խաչ մատուռի անւանակոչութեան տօնի առիթով, համանուն մատուռում տեղի է ունենալու Ս. եւ անմահ պատարագ, որի աւարտին տեղի է ունենալու աւանդական Խաչվերացի ռեհանով անդաստան:

Սկիզբ Ս. Պատարագի երեկոյեան ժամը 5:00-ին
Քարոզ երեկոյեան ժամը 6:00-ին
Անդաստան երեկոյեան ժամը 6:30-ին

Երկուշաբթի 14 սեպտեմբեր 2026 թւականին, յիշատակ մեռելոց է:

Մեր ժողովրդի զաւակներին կոչ ենք ուղղում, որ ներկայ լինեն վերոյիշեալ կրօնական արարողութեանց՝ հաղորդւելու համար խաչի ու խաչեալի խորհրդով:
❤1
Երթեւեկութեան համար նկատի են առնւել հանրակառքեր հետեւեալ վայրերից՝
• Ս. Սարգիս եկեղեցու շրջափակից
• Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցու շրջափակից
• Սրբ. Թարգմանչաց եկեղեցու շրջափակից
• Սրբ. Վարդանանց եկեղեցու շրջափակից

Յաւելեալ տեղեկութիւնների համար կապ հաստատել պատկան եկեղեցու Եկեղեցական խորհրդի հետ:

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԻ
ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

@tehranprelacy
❤1
«Արարատից Արարատ» կարգախօսով՝ Մեկնարկեց Իրանի 57-րդ Համահայկական խաղերը